2016-06-17 08:00:00

21 Յունիսին` Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարելիք ճամբորդութեան ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ երեքշաբթի 21 Յունիս 2016-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի  Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, Նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, լրագրողներուն պիտի ներկայացնէ` 24-26 Յունիս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մանրամասն յայտագիրը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իտալիայի սահմաններէն դուրս 14-րդ առաքելական Ճամբորդութիւնը եւ Հայաստան աշխարհի Քահանայապետի մը երկրորդ այցելութիւնը, 2001-ի սեպտեմբերին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կատարած առաջին պատմական այցելութենէն ետք։

Նորին Սրբութեան Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանի կարգախօսն է ''Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.